image

Յատուկ թռիչքով մը ՀՀ 214 քաղաքացիներ Լոս Անճելոսէն Հայրենիք վերադարձան

Յատուկ թռիչքով մը ՀՀ 214 քաղաքացիներ Լոս Անճելոսէն Հայրենիք վերադարձան

30 Մայիսին, LAX օդակայանէն, Լոս Անճելոս- Ամսթըրտամ-Մինսք-Երեւան երթուղիի միջոցով Երեւան մեկնած է 70 ՀՀ քաղաքացի։ Կազմակերպական հարցերով ՀՀ քաղաքացիներուն աջակցութիւն ցուցաբերած են Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աշխատակիցները։ Չուերթներն իրականացնող KLM եւ Belavia ընկերութիւններու հետ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ ՀՀ քաղաքացիները Հոլանտայի մէջ շենկէնեան արտօնագրի կարիք չեն ունենար եւ կ'օգտուին տարանցիկ գօտիէն։

1 Յունիսին, նոյն երթուղիով Հայաստան վերադարձած է եւս 23 ՀՀ քաղաքացի։ Նշուած պայմանաւորուածութիւններով չուերթները կ'իրականացուին 2 մայիսէն՝ ամենշաբաթեայ պարբերականութեամբ։

Այդպիսով, Լոս Անճելոս-Ամսդրտամ-Մինսք-Երեւան երթուղիով ՀՀ վերադարձած է ընդհանուր առմամբ 214 ՀՀ քաղաքացի։