image
Հրատապ լուրեր:

101-ամեայ կինը «Քորոնա»էն բուժուեցաւ եւ դուրս եկաւ հիւանդանոցէն

101-ամեայ կինը «Քորոնա»էն բուժուեցաւ եւ դուրս  եկաւ հիւանդանոցէն

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնէն դուրս եկած է 101 ամեայ կինը:

1919 թուականին ծնած Սիմոնեան Նազանին 16 մայիսին Նորքի հանգստեան տունէն, «Քորոնա» ժահրային վարակի նախնական ախտորոշմամբ տեղափոխուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն: Հետազօտութիւններու արդիւնքով ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն` երկկողմանի թոքաբորբով: Վիճակը գնահատուած է ծանր` հաշուի առնելով նաեւ տարիքը:

Մէկ շաբաթէն աւել ան գտնուած է Վերակենդանացման բաժանմունք, ստացած է համարժէք դեղորայքային բուժում, վիճակի որոշակի կայունացումէն ետք տեղափոխուած է հանգստեան տան բուժարան` բուժումը շարունակելու: Բուժման աւարտին քննութեան կրկնակի բացասական պատասխանէն ետք Նազանի Սիմոնեանը լիարժէք բուժուած դուրս եկած է: