image
Հրատապ լուրեր:

5 Քիլօ 600 կրամ կշիռքով լոյս աշխարհ եկած Դաւիթը ընտանիքի 6-րդ երեխան է

5 Քիլօ 600 կրամ կշիռքով լոյս աշխարհ եկած Դաւիթը ընտանիքի 6-րդ երեխան է

«Էրեբունի» հիւանդանոցէն ներս 5 քիլօ 600 կրամ կշիռքով երեխայ ծնած է: Այս մասին կը յայտնեն հիւանդանոցի ֆեյսպուքեան էջէն:

««Էրեբունի» ԲԿ-ի մէջ մայիսին 445 երեխայ ծնած է: 5 քիլօ 600 կրամ կշիռքով Դաւիթը անոնցմէ մէկն է։ Հակառակ երեխայի մեծ չափերուն' յղիութեան ընթացքին մայրիկը խնդիրներ չէ ունեցած։ Դաւիթը ընտանիքի 6-րդ երեխան է։ Իսկ ընդհանուր առմամբ, մայիսին հանրապետութեան ամենաշատ ծնունդները ինչպէս միշտ «Էրեբունի» ԲԿ-ի մէջ գրանցուած են: Ծննդատունը ծնունդներու թիւով կը շարունակէ մնալ հանրապետութեան առաջատարը։ Գարնան վերջին ամսուն ծնած է 215 աղջիկ, 230 տղայ։ Անոնց մէջ 10 երկուորեակ կայ»։