image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ Քայլ»-ի անդամ երկու պատասխանատու կանայք յղի են. Hraparak.am

«Իմ Քայլ»-ի անդամ երկու պատասխանատու կանայք յղի են. Hraparak.am

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ, որ «Իշխանական տիկնայք լծուած են ազգը բազմացնելու գործին։ Իրենց առջնեկին կը սպասեն «Իմ քայլ»ի երկու պատգամաւոր կանայք՝ Ազգային Ժողովի փոխ խօսնակ Լենա Նազարեանը եւ Սոնա Ղազարեանը։

Առողջութիւն եւ թեթեւ ծննդաբերութիւն կը մաղթենք ապագայ մայրիկներուն։ Իսկ քանի մը օր առաջ ծնած են Գագիկ Ծառուկեանի թոռները․ աղջիկը զոյգ դուստր ունեցած է։

Յիշեցնենք, որ Ծառուկեանի աղջիկը ամուսնացած է Սուքիասեանի որդւոյն հետ։ Երկուորեակ աղջիկները անուանակոչուած են, մէկը՝ Խաչատուր Սուքիասեանի կնոջ, միւսը՝ մօր անուններով: