image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ն մարդուս սեփական կնոջ նման է. Ինտոնեզիացի նախարար

«Քորոնա»ն մարդուս սեփական կնոջ նման է. Ինտոնեզիացի նախարար

Ինտոնեզիացի նախարարը «Քորոնա» ժահրը կնոջ հետ համեմատելու համար արժանացած է իրաւապաշտպաններու եւ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու քննադատութեան, կը գրէ South China Morning Post-ը։

Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Ինտոնեզիայի քաղաքականութեան, իրաւունքի եւ անվտանգութեան համակարգման նախարար Մոհամատ Մահֆուտ այդ դիտողութիւնները հնչեցուցած է երկրին մէջ նոր պայմաններուն յարմարելու՝ կառավարութեան ծրագրերու քննարկման ժամանակ:

«Երէկ ինծի «մեմ» մը ուղարկած էին, ուր կ'ըսուէր. « «Քորոնա» ժահրը ձեր կնոջ պէս է: Սկիզբը կը փորձէք վերահսկել անոր, իսկ յետոյ կը հասկնաք, որ չէք կրնար, ու կը սորվիք ապրել անոր հետ»,- ըսած է ան։

Անոր մենաբանութիւնները յայտնուած են միջազգային պարբերականներու վերնագրերուն մէջ եւ դատապարտուած կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու կողմէ:

Ինտոնեզիայի կանանց դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը վերջինիս խօսքերը «խտրական» որակած է։

«Սա ցոյց կու տայ, որ ան COVID-19 համավարակի վերաբերեալ լուրջ վերաբերմունք չունի»,- ըսած է ան ABC-ին: