image

«Եթէ յարձակումները մզկիթներու վրայ ըլլային լուռ պիտի մնայի՞ք» Փայլանի նոր հարցումը

«Եթէ յարձակումները մզկիթներու վրայ ըլլային լուռ պիտի մնայի՞ք» Փայլանի նոր հարցումը

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման հարցը բարձրացուցած է խորհրդարանին մէջ եւ հարցում ուղղած Թուրքիոյ փոխնախագահին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ankahaber.net կայքը:

«Վերջերս ատելութեան հողի վրայ յարձակումներ տեղի կ'ունենան Պոլսոյ եկեղեցիներու վրայ: Եկեղեցիներէն մէկուն դռան վրայ ատելութեան եւ խտրականութեան խօսքեր գրած էին: Այրուած էր եկեղեցիներէն մէկուն դուռը, նաեւ զինուած յարձակման փորձ եղած է: Նախագահն ու նախարարները ատելութեան հողի վրայ կատարուած այս յարձակումները դատապարտող ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած են: Նախագահը պէտք չէ լռէ ատելութեան հողի վրայ կատարուած յարձակումներու հարցով: Ատելութեան հողի վրայ կատարուած եւ չդատապարտուած յանցանքները նոյնպէս յանցանքներ են: 26 մայիս 2020-ին ատելութեան հողի վրայ յարձակում մը եւս տեղի ունեցած է Պոլսոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ, որուն դարպասի վրայէն հանուած է խաչը եւ նետուած գետին»,- յիշեցուցած է Փայլան:

Հայազգի պատգամաւորը եկեղեցիներու վրայ կատարուած յարձակումներու վերաբերեալ հարցում ուղղած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

1) Ինչո՞ւ քայլեր չէք ձեռնարկեր փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ,

2) Ինչո՞ւ չէք կանխեր հայկական եկեղեցիներու վրայ կատարուող յարձակումները,

3) Ինչո՞ւ չէք կրնար դատապարտել եկեղեցիներու վրայ կատարուող յարձակումները,

4) Արդեօք հնարաւո՞ր է կասեցնել ատելութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւնները, երբ նախագահը կը շարունակէ ատելութեան խօսք տարածել, ինչպիսին, օրինակ, «թուրի մնացորդներն» է,

5) Չկանխելով եկեղեցիներու վրայ յարձակումները՝ արդեօ՞ք դուք խտրականութեան մէջ յանցաւոր չէք,

6) Արդեօ՞ք կրկին լուռ պիտի մնաք, եթէ ատելութեան հողի վրայ յարձակումները կատարուին մզկիթներու, ոչ թէ եկեղեցիներու վրայ: