image

Մասիս Մայիլեան մնաց նոյն պաշտօնին. Ան Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարն է

Մասիս Մայիլեան մնաց նոյն պաշտօնին. Ան Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարն է

Իմ հրամանագրով, Մասիս Մայիլեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար: Այս մասին քիչ առաջ Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Ես երկար մտածեր եմ այդ ուղղութեամբ: Ես համագործակցութեան կոչ ըրած եմ, ան ընդունած է, մենք ուղղակի կը մտածէինք համագործակցութեան տարբեր ձեւաչափերու մասին՝ հաշուի առնելով Մայիլեանի ստացած ձայներու քանակը նախագահական ընտրութիւններուն»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ քննարկուած են այլ տարբերակներ:

«Կը խնդրեմ սա չհամարել քաղաքական առեւտուր: Մենք քաղաքական առեւտուր չենք ըրած, այլ համաձայնած ենք միասին ստանձնել պատասխանատւութիւնը»,-աւելցուցած է ան։