image
Հրատապ լուրեր:

Վարակակիրներ՝ Աստղիկ բժշկական կեդրոնին մէջ

Վարակակիրներ՝ Աստղիկ բժշկական կեդրոնին մէջ

«Աստղիկ» բժշկական կեդրոնի 2-3 աշխատակիցի մօտ երկու շաբաթ առաջ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է։ Այս մասին 28 մայիսին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԲԿ-ի տնօրէն Ասատուր Ասատրեանը։

«Մեր հիւանդանոցին մէջ եղած են 2-3 բժիշկներ, որ տունը եղած ժամանակ վատ զգացած են եւ մնացած են տունը, աշխատանքի վայրին մէջ չէ յայտնաբերուած»,- ըսած է ան:

Ասատրեանը հրաժարած է այլ մանրամասներ յայտնելէ․ «Ես հեռախօսով հարցազրոյց չեմ տար, հարցեր ունիք, եկէք հիւանդանոց, խօսինք»: