image

Իզմիրլեան կեդրոնի դայակներէն մին վարակակիր է

Իզմիրլեան կեդրոնի դայակներէն մին վարակակիր է

Ստացուած է Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան այն դայեակի քննութեան պատասխանը, որ կը կասկածուէր «Քորոնա» ժահրէ տառապելու մէջ՝ ջերմութեան պատճառով, այն դրական է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը՝ նշելով, որ դայեակը տունն է առաջին օրէն, երբ ախտանշաններ նկատուած են անոր մօտ։

Այս պահուն, ընդհանուր առմամբ մանկատան մէջ վարակի հաստատուած 16 դէպք կայ, որոնցմէ 7-ը աշխատակիցներու մօտ, 9-ը՝ երեխաներու։

Յիշեցնենք, որ այս պահուն Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատունը նաեւ հրաւիրեալ բժիշկներ եւ բուժքոյրեր կ'աշխատին՝ «Արաբկիր» բժշկական համալիր-երեխաներու եւ դեռահասներու առողջութեան հիմնարկէն («Բաբլոյեան» կեդրոն):