image
Հրատապ լուրեր:

Աղձքի մէջ. Երկու քոյրեր մասնակցելով իրենց մօր թաղման վարակուած ու մահացած են

Աղձքի մէջ. Երկու քոյրեր մասնակցելով իրենց մօր թաղման վարակուած ու մահացած են

28 մայիսին «Քորոնա» ժահրէն մահացածներէն մէկը Արագածոտնի մարզի Աղձք համայնքէն է։ 61-ամեայ կինը, ինչպէս NEWS.am-ին յայտնած է համայնքի ղեկավար Արթուր Աւետիսեանը, վարակուած է մօր յուղարկավորութեան ժամանակ։

«Տաքութիւն ունեցած ր, երէկ տարեր են հիւանդանոց ու մահացեր է այնտեղ»,- նշած է համայնքապետը:

Մահացած կնոջ քոյրը նոյնպէս երկու օր առաջ մահացած էր «Քորոնա» ժահրէն։ Ան նոյնպէս վարակուած էր թաղման արարողութեան ժամանակ։ Յուղարկաւորութիւնը, այնուամենայնիւ, սակաւամարդ եղած է, գիւղապետի խօսքով՝ մասնակիցներու թիւը չի անցած մէկ տասնեակը։

Այս պահուն մահացած կնոջ ընտանիքի անդամները հիւանդանոցն են, անոնց մօտ նոյնպէս «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է։

Գիւղապետը նշեց, որ Աղձք գիւղին մէջ վարակակիրներու թիւը կը հասնի մէկ տասնեակի։