image

Պոլսոյ Պատրիարքութեան յայտարարութիւնը. Կասկածելի անձը ձերբակալուած է

Պոլսոյ Պատրիարքութեան յայտարարութիւնը. Կասկածելի անձը  ձերբակալուած է

Ցաւալի դէպք մը պատահած է 23 Մայիս 2020, Շաբաթ՝ այս անգամ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ։ Երբ արդէն փողոց ելլելու արգելք կար շաբաթավերջին, անծանօթ անձ մը Եկեղեցւոյ արտաքին դրան վրայ բարձրանալով կոտրած է այդտեղ գտնուող մետաղեայ խաչը, գետին նետած ու ապա՝ հեռացած վայրէն։ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը 27 Մայիս 2020, Չորեքշաբթի իրազեկ դառնալով դէպքին, անմիջականօրէն շարժման անցած ու դիմած է Ապահովութեան Տնօրէնութեան։

Ապահովութեան պաշտօնեաներ Եկեղեցւոյ ապահովութեան տեսախցիկի միջոցաւ ստուգած են յանցանգործը եւ արդէն լծուած՝ գործի։ Ստանպուլի Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնի օգնականը կապ պահելով Աթոռոյս հետ այս ուղղութեամբ յայտնած է իր ցաւը այս անախորժ պատահարին համար եւ շեշտած է, թէ ի մօտոյ պիտի ձերբակալուի յանցագործը։

Ծանօթ է, թէ նման ցաւալի դէպք մը պատահած էր 8 Մայիս 2020, Ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ, ուր անծանօթ անձ մը փորձած էր հրկիզել Եկեղեցւոյ արտաքին դուռը ու ապա՝ փախչած։ Յանցագործը արդէն ձերբակալուած էր նոյն օրը ու հարցաքննուելով՝ յղուած դատարան։
Դիւանիս կողմէ կատարուած պրպտումներուն համաձայն, ո՛չ Եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ համալիրին մէջ եւ ո՛չ ալ Դրան առջեւ կամ պաշտօնէութեան վրայ որեւէ վնաս գոյացած է։
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինումով Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան 28 Մայիս 2020, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին փութացած է Գուզկունճուք ու տեղւոյն Թաղային Խորհրդոյ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի հետ միասին ներկայ եղած է Ապահովութեան Տնօրէնութեան հետազօտական պաշտօնեաներու աշխատանքին։
Եկեղեցւոյ հարեւան հայրենակիցներ այցելելով դէպքին նկատմամբ իրենց ցաւը յայտնած են ու անգամ մը եւս շեշտած՝ թէ նման խառնակիչ անձերու պէտք չէ առիթ տրուի, որպէսզի բարեկամական ու դրացնութեան մթնոլորտը վնաս չկրէ։
Ինչպէս յայտնի կը դառնայ արդէն մամուլէն կասկածելի անձը արդէն ձերբակալուած է երեկոյեան ժամերուն եւ կը շարունակուին պրպտումներ ու կը կատարուի հարցաքննութիւնը։
Առ ի տեղեկութիւն կը յայտարարենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն։

Դիւան Պատրիարքութեան