image

Դրական տեղաշարժ. Վրաստանի մէջ սահմանափակումները կը վերցուին

Դրական տեղաշարժ. Վրաստանի մէջ սահմանափակումները կը վերցուին

Վրաստանի խորհրդարանին մէջ այսօր ունեցած ելոյթի ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիան յայտարարած է, որ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով սահմանուած սահմանափակումներու աստիճանաբար չեղարկման շրջածիրէն ներս 8 յունիսէն պիտի վերսկսի միջքաղաքային փոխադրամիջոցներու աշխատանքն ու պիտի բացուին ճաշարաններն ու սրճարանները: Այս մասին կը գրէ netgazeti.ge կայքը:

«Այս քայլերը նախեւառաջ կ'առնուին ի շահ մեր քաղաքացիներուն՝ հաշուի առնելով անոնց ընկերային-տնտեսական պահանջները: Բայց մենք պէտք է յիշենք, որ այդ քայլերուն համար պարտադիր պայման է պահպանել համաճարակի այն ընթացքը, որ մենք ունինք այսօր: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դիմակ կրէ հասարակական վայրերուն մէջ»,-ըսած է վարչապետը:

Կախարիան տեղեկացուցած է, որ 1 յունիսէն ալ երկրին մէջ պիտի բացուին բոլոր առեւտուրի կեդրոնները:

«8 Յունիսէն ճաշարանները պիտի աշխատին լիարժէք, պիտի բացուին միայն այն հիւրանոցները, որոնք Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէն համապատասխան ախտահանում անցած են»,-նշած է Կախարիան:

Վարչապետը տեղեկացուցած է նաեւ, որ 8 յունիսէն պիտի վերսկսի միջքաղաքային փոխադրամիջոցներու աշխատանքը, ուղեւորները պէտք է երթեւեկեն բացառապէս դիմակով:

Անդրադառնալով երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման ընթացքին՝ Կախարիան նշած է, որ համաճարակային իրավիճակը Վրաստանի մէջ հսկողութեան տակ կը գտնուի, աճի ընթացքն ալ հասած է նուազագոյնի:

Վրաստանի մէջ, վերջին տուեալներով, գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 735 դէպք, վարակման հետեւանքով մահացած է 12 մարդ: