image

Պրազիլիա. Վարակակիրներու թիւերը կը շարունակեն աճիլ

Պրազիլիա. Վարակակիրներու թիւերը կը շարունակեն աճիլ

Պրազիլի մէջ վերջին 1 օրուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 807 մարդ, այսպիսով՝ մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 23 473-ի։ Այս մասին կը յայտնէ երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը, կը փոխանցէ RIA Novosti-ն։ Մահացութիւնը կը կազմէ 6,3%։

Ընդհանուր առմամբ բուժուած է 153 833 մարդ՝ վարակակիրներու ընդհանուր թիւի 41 տոկոսը։ 1 օրուան մէջ վարակուածներու թիւն աւելցած է 11 687 -ով՝ հասնելով 374 898-ի։

Հիւանդութեան դէպքերու մեծ մասը գրանցուած է Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ՝ 83 600։ Անոր կը յաջորդէ Ռիօ տը Ժանէյրոն՝ 39 298 հաստատուած դէպքերով։