image

System of a down-ի Երեւանի մեծ համերգը պիտի կայացուի 2021-ի ամառը

System of a down-ի  Երեւանի մեծ  համերգը պիտի կայացուի 2021-ի ամառը

Երգահան, «System of a down» ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը յայտնած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով 2020-ին Երեւանի մէջ ծրագրուած «SOAD»-ի համերգը պիտի չկայանայ։ Երաժիշտը նշած է, որ հայ երկրպագուներուն հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2021-ի ամառը։ Այս մասին ան յայտնած է «ուեպինար»ի ընթացքին, որ կազմակերպուած էր «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի կողմէ։


 

«Մեր հայկական համերգը պիտի կազմակերպուի յաջորդ տարի, ամառը, հրաշալի օր մը։ Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, ի հարկէ, քանի որ առայժմ յայտնի չէ՝ վարակի հետ կապուած իրավիճակը մեզի ուր կը հասցնէ»,- ըսած է Թանքեան։

Երկրպագուները Սերժէն խնդրած են պատմել «Հայաստան» երգի մասին, որ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ։

 

 

«Երբ յեղափոխութեան օրերուն Հայաստան էի, Նիկոլի հետ կը քննարկէի հայկական երգերը, որոնք մեծամասամբ տխուր են։ Օրինակ՝ տուտուկն իր էութեամբ շատ տխուր գործիք է։ Բայց քանի որ յեղափոխութիւնը հայ ժողովուրդի համար նոր փուլ դարձած է, մենք մտածեցինք, որ լաւ կ'ըլլար առաւել դրական ու յաղթական խօսքերով նոր երգ ստեղծել»,- Նոր Զելանտայէն պատմած է Թանքեանը, ուր կ'ապրի վերջին ամիսներու ընթացքին։