image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի հետեւանքով.Սեւան համայնքին համար սահմանափակումներ

«Քորոնա»ի հետեւանքով.Սեւան համայնքին համար սահմանափակումներ

ՀՀ պարէտ Տիգրան Աւինեանը նոր որոշում ստորագրած է Գեղարքունիքի մարզի Սեւան համայնքին մէջ կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ։

Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 16 մարտ 2020-ի թիւ 298-Ն որոշման յաւելուածի 7-րդ կէտով՝

1. Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի Սեւան համայնքին մէջ կիրառել հետեւեալ սահմանափակումները.

ա/ Սահմանել համայնքի վարչական սահման մուտք գործելու եւ վարչական սահմաններէն ելք կատարելու յատուկ ռեժիմ` արգիլելով անձանց եւ փոխադրամիջոցներու մուտքն ու ելքը՝ բացառութեամբ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, պարագաներու, սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելիքի մատակարարման նպատակով տեղաշարժի.

բ/ Սոյն կէտի «ա» ենթակէտով սահմանուած Սեւան համայնք մուտք գործելու սահմանափակման համար բացառութիւն սահմանել մինչեւ 25 մայիս 2020-ը՝ ժամը 13:00-ը՝ թոյլատրելով Սեւան համայնքի մէջ մշտական բնակութեան իրաւունք ունեցող կամ փաստացի բնակող անձանց մուտքը.

գ/ Յատուկ ռեժիմի իրականացումը ապահովելու նպատակով ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ սահմանուած վայրերուն մէջ տեղադրել յատուկ անցակէտեր եւ զննման կէտեր՝ Սեւան համայնքի վարչական տարածք թոյլատրուող անձանց ու փոխադրամիջոցներու զննումն իրականացնելու նպատակով.

2. Սահմանել Սեւան համայնքին մէջ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու նկատմամբ կիրառուող ժամանակաւոր սահմանափակումները՝ համաձայն Աղիւսակ 1-ի:

3. ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Էտուարտ Մարտիրոսեանին, ՀՀ ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանին, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնէլ Սանոսեանին՝ ապահովել սոյն որոշման իրականացումը.

4. Սոյն որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 25 մայիս  2020-ին՝ ժամը 06:00-ին, կը գործէ մինչեւ 3 յունիս 2020-ը՝ ժամը 23։59-ը:

Որոշման մանրամասները՝ այստեղ։