image

Սիսանի մէջ. Վարակակիրներու թիւը կ'աճի

Սիսանի մէջ. Վարակակիրներու թիւը կ'աճի

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան (ՔՊ) անդամ Արսէն Աւագեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ լուսանկար հրապարակած է կից գրառումով.-

«Սթափութեան եւ զգօնութեան կոչ կ'ընեմ բոլոր սիսիանցիներուն ‼

Սիրելի սիսիանցիներ, նախնական տեղեկութիւններով Սիսիանի մէջ առկայ է «Քորոնա» ժահրի քանի մը տարբեր օճախներ եւ վարակը կը մեծնայ։

Կը խնդրեմ բոլորէդ, եղէք հնարաւորինս ուշադիր, տունէն դուրս ելէք խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, կրեցէք դիմակ եւ ձեռնոց, պահպանեցէք ընկերային հեռաւորութիւնը։

Այսպէս շարունակուելու պարագային, Սիսիանը ամբողջութեամբ կը մեկուսացուի։

Մտածեցէք ձեր եւ ձեր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի համար։

Նկարը Երեւանէն է` Կարէն Պօղոսեանի ֆէյսպուքեան էջէն»։