image

Քամին մեծ աւերներ գործած է Շիրակի մարզին մէջ

Քամին մեծ աւերներ գործած է Շիրակի մարզին մէջ

Մօտ կէս ժամ տեւած զօրաւոր քամին բաւականին վնասներ հասցուցած է Շիրակի մարզի մէկ տասնեակէ աւելի բնակավայրերու մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմենբրէս»-ը, այս մասին ֆեյսպուքի իր էջին գրած է Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը։

«Հիմնական վնասուած են սեփական տուներու եւ բազմաբնակարան շէնքերու տանիքները, կան արմատախիլ եղած ծառեր. մարդկային զոհեր չունինք։ ԱԻՆ-ի ծառայողները եւ համայնքներու ներկայացուցիչները այս պահուն կ'իրականացնեն մաքրման, ելեկտրական միացումներու վերականգման եւ վնասներու գնահատման աշխատանքներ։ Վնասներ կրած համայնքներու ղեկավարներուն յանձնարարուած է ձեւաւորել յանձնաժողովներ եւ գնահատուած վնասներու մասին տեղեկատւութիւնը ներկայացնել մարզպետարան»,- գրած է ան։

Ընկերային ցանցերուն մէջ յայտնուած տեսանիւթէն կ'երեւի, որ Գիւմրի քաղաքին մէջ վնասուած են տանիքներ/ ծառեր ու փոխադրութեան միջոցներ։

ՀՀ ԱԻՆ ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնէն յայտնած են, որ ծառեր եւ տանիքներ վնասուած են ոչ միայն Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն , այլեւ Երեւանի մէջ: Տուժածներ չկան։