image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի քաղաքապետարան. Պարգեւավճարները կը շարունակուին

Երեւանի քաղաքապետարան. Պարգեւավճարները կը շարունակուին

Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի՝ 8 մայիսի կարգադրութեամբ  պարգեւավճարներ ստացած են քաղաքապետարանի 20 պաշտօնեաներ։ Այս մասին գրած է panorama.am-ը։ 

«Պարգեւավճար ստացածներու շարքին են Մարութեանի բոլոր չորս տեղակալները, անոնցմէ իւրաքանչիւրին քաղաքային պիւտճէէն տրամադրուած է 480 հազարական դրամ:

Նոյնքան գումար ստացած են Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանն ու աշխատակազմի քարտուղար Վահէ Խաչատրեանը։

200 հազար դրամ պարգեւավճար տրամադրուած է քաղաքապետի օգնական Կարէն Յարութիւնեանին։

280 հազարական դրամ պարգեւավճար ստացած են 13 վարչութիւններու պետեր։

Ուշագրաւ է, որ նոյնիսկ համավարակի օրերուն, երբ բազմաթիւ երեւանցիներ սնունդի խնդիր ունին, քաղաքապետարանի պաշտօնեանները չեն հրաժարիր պարգեւավճարներէն։ Յիշեցնենք, որ շատ երկիրներու մէջ պաշտօնեանները «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակին դիմած են աշխատավարձերու կրճատման»,– գրած է կայքը։