image

«Քորոնա»ի հետեւանքով «Նորք»ի տարեցներու տան երկու անդամներ մահացած են

«Քորոնա»ի հետեւանքով «Նորք»ի տարեցներու տան երկու անդամներ մահացած են

Երեւանի Նորքի տարեցներու հանգստեան տան մէջ՝ «Քորոնա» ժահր ունեցող, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող տարեցներէն 2-ը նախօրէին մահացած են։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը:

«Հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող 14 տարեցներէն 11-ի վիճակը կայուն է։ Երեք՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուողներէն երկուքը մահացած են նախօրէին՝ մէկը «Քորոնա» ժահրէն, միւսը՝ ոչ»,- նշած է ան։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Նորքի տարեցներու հանգստեան տան մէջ վարակակիրներու թիւը հասած է  45-ի, որոնցմէ  28-ը հանգստեան տան աշխատակիցներն են, 17-ը` խնամուող  տարեցները: