Երեւանի Նորքի տարեցներու հանգստեան տան մէջ՝ «Քորոնա» ժահր ունեցող, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող տարեցներէն 2-ը նախօրէին մահացած են։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը:
«Հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող 14 տարեցներէն 11-ի վիճակը կայուն է։ Երեք՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուողներէն երկուքը մահացած են նախօրէին՝ մէկը «Քորոնա» ժահրէն, միւսը՝ ոչ»,- նշած է ան։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Նորքի տարեցներու հանգստեան տան մէջ վարակակիրներու թիւը հասած է 45-ի, որոնցմէ 28-ը հանգստեան տան աշխատակիցներն են, 17-ը` խնամուող տարեցները: