image

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը յայտնաբերուած է. վարակակիրը մեկուսացուած եղած է

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի առաջին դէպքը յայտնաբերուած է. վարակակիրը մեկուսացուած եղած է

Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն փոխանցած են, որ նախորդ օրը ՀՀ ուղարկուած երկու փորձանմուշներու հետազօտութեան արդիւնքներն այսօր ստացուած են, մէկը՝ դրական, միւսը՝ բացասական: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն:

Հաստատուած դէպքի մասին հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ վերջինս 2 ապրիլի առաւօտեան շտապ օգնութեան մեքենայով տեղափոխուած էր Քաշաթաղի բուժմիաւորում եւ մեկուսացուած, որովհետեւ Արցախ վերադարձած էր ՀՀ-էն՝ «վարակի օճախ» համարուող բնակավայրէն: Երկրորդ քաղաքացին, որ քննուած է, եղած է ՀՀ-էն վերադարձող քաղաքացիի հարեւանուհին, որ 4 ապրիլին, այլ խնդիրով տեղափոխուած եղած է նոյն բուժմիաւորում՝ ցնցղատապի (պրոնխիտ) ախտանիշներով:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ քաղաքացին ՀՀ-էն Արցախ վերադառնալէն ետք գտնուած է Քաշաթաղի շրջանի Միրիկ գիւղը, ապա նախորդ օրերուն, անոր հետ առնչուած բոլոր քաղաքացիները, ապահովութեան նկատառումներով, նախօրօք ինքնամեկուսացած են՝ թիւով 17 քաղաքացի: Այդ քաղաքացիներն այս պահուն որեւէ ախտանիշներ չունին:

Արցախի Համաճարակաբանութեան եւ մաքրութեան կեդրոնը անոր հետ հնարաւոր շփումներու շրջանակը ճշդելէ ետք, օրեր առաջ, ինքնամեկուսացուած քաղաքացիներու առանձնատուներուն մէջ անհրաժեշտ ախտահանիչ աշխատանքներ իրականացուցած է:

Նշենք, որ բնակավայրը շրջանի կեդրոնէն կը գտնուի 39 քմ հեռաւորութեան վրայ, մայրաքաղաքէն՝ 89 քմ-ի վրայ:

Վերոնշեալ բնակավայրը քաղաքացիին մեկուսացնելէ ետք գտնուած է վերահսկողութեան տակ: