image
Հրատապ լուրեր:

Արմենիա ընկերութիւնը մինչեւ ապրիլը չեղարկեց բոլոր թռիչքները

Արմենիա ընկերութիւնը մինչեւ ապրիլը չեղարկեց բոլոր թռիչքները

Յարգելի գործընկերներ, Արմենիա օդանաւային ընկերութիւնը չեղարկած է մինչեւ 30 ապրիլ ներառեալ բոլոր թռիչքները։ Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին գրած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Գէորգ Խաչատրեանը։  Ան յիշեցուցած է, որ աւելի վաղ ընկերութիւնը չեղարկած էր մինչեւ 16 ապրիլի բոլոր թռիչքները։

«Բոլոր ուղեւորներուն պիտի առաջարկուին մուրհակներ տոմսի արժէքին համապատասխան։ EASA ստուգումներու մասով տեղեկացնեմ, որ այս պահին մենք աշխոյժ քննարկումներու մէջ ենք ՔԱԿ-ի հետ ստեղծուած իրավիճակին լուծումներ գտնելու համար։ Աւելցնեմ, որ Արմենիա ընկերութիւնը իր TCO վկայականը ստացած է դեռ նախորդ տարուան սկիզբը, որ կը փաստէ, որ մեր ընկերութիւնը կը համապատասխանէ ԵՄ սահմանած օդագնացութեան անվտանգութհեան չափանիշերուն։ Կը հայցեմ լրագրողներու ներողամտութիւնը, հարցազրոյց այս թեմայով պիտի տրամադրեմ, երբ իրավիճակը աւելի պարզ ըլլայ, հիմա աշխատելու ժամանակն է», գրած է ան։