Պետութիւնն իր առաջ խնդիր դրած է Հայաստանի մէջ առաջիկայ օրերուն օրական իրականացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման 1000 քննութիւն. Կը նախատեսուի տեղական ախտորոշման սրուակներու արտադրութիւն: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ֆեյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ՝ պատասխանելով քաղաքացիի հարցին, թէ արդեօք կը պատրաստուին իրականացնել բնակչութեան զանգաուածային քննութիւն:
«Այսօր խնդիր դրած ենք, որ առաջիկայ օրերուն օրական քննութիւններու քանակը դարձնենք 1000: Այսօր մեր օրական քննութիւնները կը տատանին 200-էն մինչեւ 400-ի մէջ: Բայց մենք խնդիր դրած ենք, որ այս շաբաթէն, գուցէ այն հնարաւոր ըլլայ վաղը միւս օրը, բայց ուրբաթ օրէն վստահաբար օրը 1000 քննութիւն ընել: Եւ ասոր համար մենք հիմա բաւականին մեծ քանակի՝ մօտաւորապէս 70 հազարին հասնող ախտորոշման սրուակներ կը գնենք»,-ըսած է Փաշինեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի հետ կը քննարկեն ախտորոշման սրուակներու տեղական արտադրութիւն ստեղծելու հարցը: Այսօր արդէն կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է բաւականին մեծ գումար յատկացրել հումք ձեռք բերելու համար: «Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի համար 550 հազար տոլարի չափով յատկացում կատարած ենք, որպէսզի կազամակերպենք ախտորոշման սրուակներու արտադրութիւն: Մասնագէտները կը վստահեցնեն, որ այն կը յաջողի»,-ըսած է Փաշինեան: