image

«Քորոնա»ի հետեւանքով կորուստներ Սթոքհոլմ եւ Պոլիս

«Քորոնա»ի հետեւանքով  կորուստներ Սթոքհոլմ եւ Պոլիս

Փարիզի  մէջ  երէկ  արձանագրուած    հայ զոհէն ետք,   անցնող   24  ժամերուն հայերու    կորուստներ եղած են  Շուէտի եւ  Թուրքիոյ  մէջ։

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք»ի աղբիւրը։

Շուէտի    Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է   Զոհրապ Ջուլհաճեանը։

Երկար  ատենէ ի վեր  Շուէտ  հաստատուած  մեր հայրենակիցը    նուիրալ   ՀՄԸՄ-ական էր։ Կը նշուի  նաեւ, որ  հանգուցեալը  հօրեղբայրն էր  Արցախեան հերոս Մհեր  Ջուլհաճեանին։

Միւս կողմէ  Պոլսէն  վերահասու դարձանք, որ     «Քորոնա» վարակին հետեւանքով մահացած է  Աւետիս Ուստաարամօղլուն։

Կը  նշուի նաեւ, որ մեր հայրենակիցը  օրեր առաջ   անհանգստացած է, որմէ ետք  փոխադրուած է    Պոլսոյ Սուրբ  Փրկիչ  հիւանդանոց,  ուր եւ կնքած է իր մահկանացուն։

Պոլսոյ  հանրութեան  մօտ  յարգանքի  եւ սիրոյ արժանացած  հայորդին երկար տարիներ   գործած է որպէս մատակարար՝  Պոլսոյ հայկական  վարժարաններու  սաները օժտելով դպրոցական      համազգեստներով։

Յիշեցնենք, որ երէկ  Փարիզի մէջ   «Քորոնա»ի  հետեւանքով ոիր մահկանացուն կնքած էր  արմատներով Հալէպցի  ՝ Արամ   Նազարեանը։