image

Մահացած է օփերային երգչուհի՝ Աննա Սարդարեանը

Մահացած է օփերային երգչուհի՝ Աննա Սարդարեանը

Յիսուն տարեկանին մահացած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնի երգչախումբի երգչուհի Աննա Սարդարեանը:

«Արմէնբրես»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ թատրոնի փոխտնօրէն Կարինէ Կիրակոսեանն ըսած է, որ Սարդարեանը մահացած է 31 մարտին: «Մեզի հասած տեղեկութիւններով անոր մահուան պատճառը թոքաբորբն է»,-շեշտած է Կիրակոսեանն ու աւելցուցած է, որ յաւելեալ տեղեկութիւն երգչուհիի մահուան մասին չունին:

Երգչախումբի անդամները վերջին անգամ օփերային թատրոն եղած են 13 մարտին:

Թատրոնի ամբողջ անձնակազմն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Աննա Սարդարեանի ընտանիքի անդամներուն եւ մտերիմներուն: