image

Անհրաժեշտ է միրգերն ու բանջարեղէնները օճառով լուալ. Daily Mail

Անհրաժեշտ է միրգերն ու բանջարեղէնները օճառով լուալ. Daily Mail

Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է միրգերն ու բանջարեղէնը լուալ օճառով. վարակաբանը կը հաստատէ, որ COVID-19- ը կրնայ գոյատեւել  հանրախանութներու թարմ ապրանքներու վրայ:

Վարակաբանը հաստատած է, որ «իւրաքանչիւր մակերես վտանգ կը ներկայացնէ», երբ հարցը կը վերաբերի COVID-19-ին, հանրախանութներու յաճախորդները պէտք է յատկապէս զգուշանան խանութին մէջ շարուած միրգերէն եւ բանջարեղէնէն:

Սիտնիի համալսարանի փրոֆեսըր Թիմոթի Նիւսամը մասնագիտացած է վարակաբանութեան, պատուաստանիւթերու ոլորտներուն մէջ, ուստի ուշի ուշով հետեւած է այն ընթացքին, թէ ինչպէս Աւստրալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրային սահմանափակումները մեծցած են:

Պէտք է յիշել, որ իւրաքանչիւր մակերես հաւանական աղտոտած է եւ վտանգ կը պարունակէ», – բացատրած է Նիւսամը:

Ան ընդգծած է, որ այն ամէնն, ինչին կը դպնան մարդիկ, կրնայ խնդիր առաջացնել:

Ան խորհուրդ կու տայ մրգերն ու բանջարեղէնը տուն բերելուն պէս օճառով լուալ:

«Լուացէք զանոնք տաք ջուրով եւ օճառով, ինչպէս կը լուաք ձեռքերը», – ըսած է ան: