
Ուրբաթ երեկոյեան «Նովոմոսկովսկի» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է փրոֆեսըր Արփիկ Հասրաթեանը: Աւելի վաղ կինն եղած է Սեչենովսկիի համալսարանի համաճարակաբանութեան հիմնարկի մասնագիտական կրթութեան ամպիոնի փրոֆեսըր, կը հաղորդէ «ՄԿ»-ը:
69-ամեայ կինը հիւանդանոց տեղափոխուած էր իր բնակարանէն 23 մարտին: Սկիզբը ան տեղափոխուած է հիւանդանոց բարձր ջերմութեամբ եւ դժուարացած շնչառութեամբ: Սակայն անոր վիճակը չէր լաւացած, եւ ուրբաթ ցերեկը հիւանդին տեղափոխած էին ուրիշ հիւանդանոց, ուր նախնական հաստատուած էր COVID-19 ախտորոշումը: Քանի մը ժամ անց Հասրաթեանը մահացած էր: Բժիշկները կը ճշդեն՝ արդեօք մահուան պատճառը «Քորոնա» ժահրն էր: Ըստ նախնական տեղեկատւութեան՝ վերջին շրջանին կինը չէր մեկներ արտերկիր եւ չունէր շփում «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու հետ:
Արփիկ Հասրաթեանը բժշկական գիտութիւններու դոկտոր էր, ժահրային հիւանդութիւններու բուժման ոլորտին մէջ կարկառուն մասնագէտ:



















