image

Ուքրանիա գտնուող ՀՀ քաղաքացիներ յատուկ թռիչքով այսօր Երեւան պիտի հասնին

Ուքրանիա գտնուող ՀՀ քաղաքացիներ յատուկ թռիչքով այսօր Երեւան պիտի հասնին

Այսօր «SkyUp» ուքրանական օդանաւային ընկերութեան թռիչքով Ուքրանիայէն Հայաստան պիտի ժամանէ 62 ուղեւոր։ Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սեյրանեանը։

«Այս պահուն Ուքրանիայէն Հայաստան մեկնած է 62 ուղեւոր (թիւերը նախնական են)։ Անոնց ճնշող մեծամասնութիւնը ՀՀ քաղաքացիներ են: Կը նախատեսուի, որ մօտ 95 հոգի Երեւանէն նոյն օդանաւով մեկնի Քիեւ»,- գրած է Սեյրանեանը: