image

Աւստրալիոյ մէջ պայքար յանուն ցեղասպանութիւններու ճանաչման

Աւստրալիոյ մէջ  պայքար  յանուն ցեղասպանութիւններու ճանաչման

Աւստրալիոյ հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու ազգային կազմակերպութիւնները մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ «Արդարութեան համատեղ նախաձեռնութեան» յուշագիր ստորագրած են: Այս մասին կը յայտնեն Աւստրալիոյ հայկական ազգային կոմիտէի լրատուականէն:

Յուշագրին մէջ նշուած է, որ ազգային երեք կազմակերպութիւնները պիտի շարունակեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ թրքական կառավարութեան կողմէ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւններու միջազգային ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնման ուղղութեամբ համատեղ քարոզչութիւնը եւ պիտի ընդլայնեն համագործակցութիւնը:

Միաժամանակ, յուշագրին մէջ ըսուած է, որ երեք համայնքները առաջ պիտի տանին ցեղասպանութիւններու ճանաչման անհրաժեշտութեան գաղափարը եւ պիտի հակազդեն Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Յուշագրի ստորագրման ներկայ պիտի ըլլան Աւստրալիայէն մօտ 100 խորհրդարանականներ, դիւանագէտներ, պաշտօնեաներ, գիտնականներ եւ այլք: