image

Հայրենի մշակութային գործիչ Արմենուհի Դեմիրճեան այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

Հայրենի մշակութային գործիչ Արմենուհի Դեմիրճեան այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

26 Փետրուարին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Սիլվա Կապուտիկեան” գրական հիմնադրամի տնօրէն եւ տուն-թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տեմիրճեանը, որ Պէյրութ կը գտնուի հրաւէրով Տիր կրթամշակութային կեդրոնին հրաւէրով:

Տիկին Դեմիրճեան հանդիպում ունեցաւ տնօրէն Կրէկուար Գալուստի հետ եւ ծանօթացաւ Մեսրոպեան վարժարանին, շրջագայելով տարբեր բաժանմունքները: Ան դպրոցին նուիրեց իր ղեկավարած հիմնադրամին նորագոյն հրատարակութիւնները:

Արմենուհի Դեմիրճեան 28 Փետրուարի երեկոյեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ հանդէս պիտի գայ դասախօսութեամբ, նուիրուած անուանի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի