image

«Քորոնա»ի տագնապ. Գրանցուեցաւ Վրաստանի առաջին վարակակիրը

«Քորոնա»ի տագնապ. Գրանցուեցաւ Վրաստանի առաջին վարակակիրը

 

Վրաստանի մէջ հաստատուած է նոր տիպի «քորոնա» ժահրով՝ Covid-2019-ով վարակուածութեան առաջին դէպքը։ Այս մասին յայտարարած է երկրի առողջապահութեան նախարար Եկատերինա Տիքարաձէն՝ յատուկ ճեպազրոյցի ընթացքին: Վարակուածը Վրաստանի 50-ամեայ քաղաքացի է, որ նախօրէին Վրաստան այցելած էր Իրանէն՝ Ատրպէյճանի տարածքով։ Ան անմիջապէս տեղափոխուած է Թիֆլիսի հիւանդանոց եւ որեւէ մէկու հետ շփում չէ ունեցած:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենբրես»-ը, նոյն հիւանդանոցին մէջ բարձր ջերմութեամբ 14 հիւանդ կայ. անոնցմէ 11-ը Վրաստանի քաղաքացի են, միւսները՝ Իրանի եւ Չինաստանի։ 

Բացի այդ, 21 փետրուարին Իմերեթիի շրջանի Սաչխերէ գիւղի հիւանդանոցային համալիրին մէջ քարանթինի մէջ են Չինաստանէն վերադարձած Վրաստանի 34 քաղաքացի։