image

Արարատի մարզին մէջ ծիրանի փառատօն

Արարատի մարզին  մէջ ծիրանի փառատօն

ՀՀ Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:

«Ծիրանը Հայաստանի մէջ ամէնէն առաջ կը հասուննայ Արմաշի եւ Սուրէնաւանի հատուածին մէջ, այդ իսկ պատճառով այս տարի կը նախատեսենք մեծ շուքով ծիրանի փառատօն կազմակերպել: Աշնան ալ պիտի նշենք բերքի տօնը» ,- տեղեկացուց Արարատի մարզպետը:

Անդրադառնալով մարզի հիւրատուներու եւ հիւրանոցներու ոլորտին` մարզպետը շեշտեց, որ այս պահին մարզին մէջ չկան հիւրանոցներ:

«Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն մեր մարզին մէջ չեն գիշերեր, քանի որ Երեւանին շատ մօտ կը գտնուինք: Մեր մարզին մէջ կանգառ կը կատարեն միայն Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի մէջ»,- նկատել տուած է ան:

Անոր խօսքով, այստեղ հարց կայ` մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, ինչպէս Դուին հնավայրը, Արտաշատ մայրաքաղաքը եւ այլ պատմական վայրեր:

Սարգսեան հաւաստիացուց, որ մարզին մէջ եղած բոլոր խնդիրները յառաջիկայ տարիներուն պիտի լուծեն, որպէսզի այդ վայրերն աւելի հասանելի ըլլան զբօսաշրջիկներուն: