image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանէն-Եւրոպա թռիչքի 12 նոր ուղղութիւններ

Երեւանէն-Եւրոպա թռիչքի 12 նոր ուղղութիւններ

Դէպի Հայաստան 2020 թուականին կը նախատեսուի բանալ 12 նոր թռիչքի ուղղութիւններ, որոնք հիմնական պիտի ըլլան Եւրոպայէն:

«Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը:

«Այս տարի Հայաստանէն դէպի Գերմանիա եւ Իտալիա պիտի ունենանք ուղիղ թռիչքներ՝ Հռոմ, Միլան, Մեմինկըն, Պերլին, ինչպէս նաեւ դէպի եւրոպական այլ երկիրներ՝ Պաֆոս, Սալոնիկ, Աթենք, Լառնաքա, Վիեննա, Վիլնիւս: Սա բնականաբար պիտի ազդէ զբօսաշրջային ցուցանիշներու աճի  վրայ»,- նշած է Սաֆարեանը: