image

Ես միշտ ալ հայութիւնը ներկայացուցած եմ. Ըմբշամարտիկ՝ Էդմեն Շահբազյան

Ես միշտ ալ հայութիւնը ներկայացուցած եմ. Ըմբշամարտիկ՝ Էդմեն Շահբազյան

22-ամեայ հայազգի մարտիկ Էտմըն Շահպազեանը, որ կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ը, պատմած է, թէ ինչպէս կը նախապատրաստուի ամերիկացի Տերեք Պրանսի հետ մենամարտին: Էտմընն ըսած է, որ այդ մենամարտն իր ասպարէզի ընթացքին ամենակարեւորներէն պիտի ըլլայ, քանի որ յաղթանակն իրեն թոյլ կու տայ պայքարելու արդէն ախոյեանական տիտղոսի համար: Էտմընը նաեւ պատմած է, թէ ինչու միշտ ութանկիւն դուրս կու գայ հայկական դրօշով:

«Ներկայացնել Հայաստանը շատ կարեւոր է ինծի համար: Ես ծնած եմ ԱՄՆ, բայց ես հայ եմ եւ միշտ ներկայացուցած եմ հայ ազգը ու երջանիկ եմ ատոր համար»,- ըսած է Էտմընը:

Ան նաեւ նշած է, որ նահանգներուն մէջ մարզուած է Հոլանտան ներկայացնող յայտնի հայազգի մարտիկ Գեղարդ Մուսասիի հետ: Ան առասպել համարած է Մուսասին եւ խոստովանած, որ անոր հետ շփումները մեծ փորձ տուած են զինք:

Յիշեցնենք, որ Էտմըն Շահպազեան – Տերեք Բրանսըն մենամարտը պիտի կայանայ UFC 248-ի շրջածիրէն ներս, Լաս-Վեկասի մէջ, 7 մարտ 2020-ին: