image

Ասանժը դէպի Ֆրանսա՞

Ասանժը դէպի Ֆրանսա՞

Wikileaks կայքի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի պաշտպանութեան ներկայացուցիչները դիմած են Ֆրանսա, վերջինիս քաղաքական ապաստան տրամադրելու խնդրանքով: ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Ասանժի փաստաբան Էրիք Տիւփոն Մորեթթին:

Անոր խօսքով՝ իրենք Ֆրանսայէն կը պահանջեն ապաստան տրամադրել՝ «հիմք ընդունելով այն փաստը, որ այդ երկիրը մարդու իրաւունքներու հայրենիքն է. Wikileaks-ի կառոյցներու մէկ մասը Ֆրանսիա կը գտնուին»:

«Անոր երկրորդ երեխան անչափահաս է, իսկ երեխայի մայրը ֆրանսուհի է, եւ ան երեխայի հետ կը բնակի Ֆրանսա»,- աւելցուցած է փաստաբանը:

Ներկայիս Լոնտոնի դատարանը կը պատրաստուի սկսիլ Ասանժի՝ Միացեալ Նահանգներ արտայանձնման գործի քննութիւնը, ուր ան կը մեղադրուի «ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ խոշորագոյն» գաղտնի տեղեկութիւններու բացայայտման հետ կապուած հանցագործութիւններուն: ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած մեղադրանքներուն համաձայն՝ Ասանժին մինչեւ 175 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ ցանցահէնային (հաքըրային) գործունէութեան համար: