image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեան վարժարանը տօնակատարեց Վարդանանց ճակատամարտը

Մեսրոպեան վարժարանը տօնակատարեց Վարդանանց ճակատամարտը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու Հայրենիքի եւ Հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:

19 Փետրուարին, Մեսրոպեանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները առանձին հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը՝ անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը՝ նոր սերունդին համար:

Նախակրթարանի աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին մէջ, հիւր բանախօս, լրագրող պարոն Շիրազ Ճերեճեան Վարդանանց խորհուրդին մօտեցաւ աշակերտներու առօրեային ընդմէջէն, բացատրելով քաջութեան եւ հաւատարմութեան գաղափարները այն փորձառութիւններով, որոնք յատուկ են անոնց տարիքին: Ան ըսաւ, որ քաջութիւն է, օրինակ, հետեւիլ առողջ ապրելակերպի, կամ հաւատարմութիւնը այն է, որ աշակերտներ պէտք է զգան իրենց ընկերային շրջանակին կամ դպրոցին նկատմամբ: Իսկ անդրադառնալով Վասակ Սիւնիի կերպարին, բանախօսը ըսաւ, որ երբեք ընդունելի չէ, որ անձ մը անձնասիրաբար կամ այլ նկատառումներով լքէ խումբ մը, որ, օրինակ, կը պատրաստուի մարզական մրցում մը կատարել:

Միջնակարգի աշակերտներուն իր պատգամը յղեց Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ Վարդանանք երկու շատ կարեւոր ապրումներու մարմնաւորումն էին – քաջութեան եւ սրբութեան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն քաջութեամբ դիմագրաւելու իրենց դէմ ծառացած մեծ թէ փոքր խնդիրները եւ ձգտիլ սրբութեան՝ աղօթքով եւ հաւատքով:

Երկրորդականի բաժնի տօնակատարութեան բանախօս, լրագրող եւ վերլուծաբան պարոն Վարուժ Թէնպէլեան շեշտեց շարունակական պայքարի եւ աշխատանքի կարեւորութիւնը, յիշեցնելով, որ Վարդանանց ճակատամարտը ունեցաւ իր շարունակութիւնը՝ ի դէմս Վահանեան շարժումին, որ ի վերջոյ կրցաւ օրինականօրէն ապահովել հայոց ինքնավարութիւնն ու կրօնքի ազատութիւնը: Բանախօսը ըսաւ, որ Հայ Սփիւռքի մէջ ալ խնդիրներու լուծումը պէտք է հետապնդուի նոյն հետեւողականութեամբ՝ հասնելու համար յաջողութիւններու:

Տօնակատարութիւններուն գեղարուեստական բաժինները հարուստ եղան  երգերու, ասմունքներու, երաժշտութեան եւ թատերական պատկերներու աշակերտական կատարումներով, որոնք յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ: Գնահատուեցաւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին տեսերիզ մը, որ կը պատմէր Հայաստանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ Վարդան Մամիկոնեանի ձեռքով տնկուած ծառին մասին: Ծառը կանգուն մնացած է մօտ 1500 տարի: Այժմ անոր տապալած բունին կողքին կառուցուած է մատուռ մը, ուր աղօքթ կը կատարեն բանակ զօրակոչուող հայաստանցի երիտասարդները, ինչպէս անոր ուխտի գացած են Արցախեան պատերազմի մասնակիցներ:

Եզրափակիչ խօսքերով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, մօտաւորապէս 16 դար անցնելէն ետքն ալ հայերը հպարտութեամբ կը տօնակատարեն Վարդանանց ճակատամարտը եւ հակառակ անոր, որ այդ պատերազմին Քաջն Վարդան եւ իր 1066 զինակիցներ զոհուեցան, հայերը կը փառաբանեն այդ զոհողութիւնը, հաւատալով նահատակուածներուն պէս, որ “Մահ իմացեալ անմահութիւն է”:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի