image

Սուրիոյ հարցով ամբողջ աշխարհը սխալ դուրս եկաւ. Ապտալլա Կիւլ

Սուրիոյ  հարցով ամբողջ աշխարհը սխալ դուրս եկաւ. Ապտալլա Կիւլ

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլը երկար տարիներ անց իր առաջին հարցազրոյցին մէջ պատասխանած է նաեւ Սուրիոյ շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Թրքական Bianet–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլը շեշտած է, որ Սուրիոյ հարցով սկիզբէն աշխարհի տեսակէտը սխալ եղած է։  «Պէտք չէր Սուրիոյ դէմ պատերազմ սկսիլ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ Իտլիպի մէջ իրավիճակին, ապա ես յստակ տեղտկութիւններու չեմ տիրապետեր եւ չեմ կրնար ճիշդ մեկնաբանել»,–ըսած է Ապտալլա Կիւլը: