image

Թուրքիա. «Կիւլէնիստներ»ու «որս»ը կը շարունակուի

Թուրքիա. «Կիւլէնիստներ»ու  «որս»ը  կը շարունակուի

Թուրքիոյ դատախազութեան մարմինները հրամայած են կալանաւորել 98 անձեր, որոնք կասկածելի են «Ֆեթհուլլահականներու ահաբեկչական կազմակերպութեան» հետ կապեր ունենալնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ անոնցմէ 33-ը Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան գործող աշխատակիցներ են:

Նախարարութեան աշխատակիցներու ձերբակալման գործողութիւնները միաժամանակ սկսած են երկիրի 15 նահանգներու մէջ, ներառեալ` Անգարայի:  Մինչեւ հիմա 71 կասկածեալներէն 50-ը ձերբակալուած են:

Կալանաւորման գիր տրուած են ոչ միայն գերատեսչութեան 33 մնայուն պաշտօնեաներու, այլ նաեւ թեքնիք անձնակազմի, պահակներու եւ այլ անձերու համար, որոնք արդարադատութեան նախարարութեան հետ կ՛աշխատէին կապալային պայմանագրով:

Ատոր զուգահեռ 11 նահանգներու մէջ ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են Ատանայի նահանգի իշխանութիւններուն վարած գործով: 27 հոգիի նկատմամբ կասկած կայ ոստիկանութեան մէջ պաշտօններ վարելու ատեն քննութիւններու արդիւնքներու կեղծման մէջ: Զանոնք ձերբակալած են ու տարած հարցաքննութեան:

Յիշեցնենք, որ Անգարա կը մեղադրէ իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի ՖԵԹՕ կազմակերպութիւնը` 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձին համար: