image

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ տիգրանակերտցի ննջեցեալներուն եւ հայրենակցական միութեան անդամներու հաւաք

Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ տիգրանակերտցի ննջեցեալներուն եւ հայրենակցական միութեան անդամներու հաւաք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան, Կիրակի 16 Փետրուար 2020-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ տիգրանակերտցի նոր ու հին ննջեցեալներուն եւ նահատակներուն:

Կրօնական արարողութեան մասնակից եղան միութեան անդամները ապա հաւաքուեցան “Եռագոյն” սրահ, ուր մատուցուեցաւ հոգեսուրճ եւ կատարուեցաւ աղօթք՝ ննջեցեալներու հոգւոյն համար:

Այս առիթով, վարչութեան անդամները կատարեցին միութեան անդամացուցակներու թարմացում:

Խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ վարչութիւնը կ՛աշխատի միութիւնը պաշտօնապէս գրանցել լիբանանեան օրէնքին համաձայն, նոր անդամներ հաւաքագրել եւ անդամացուցակները թարմացնել, հաստատել անդամաքարտի դրութիւն, որմով կարելի դառնայ որոշակի առաւելութիւններ ընձեռել միութեան անդամներուն՝ զանազան հաստատութիւններէ կատարուած գնումներուն կամ ծառայութիւններէն օգտուելու ժամանակ ինչպէս նաեւ աշխուժացնել միութեան ներկայութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ, օգտագործելով գլխաւորաբար Facebook-ը եւ WhatsApp-ը:

Ատենապետը՝ անդամները հրաւիրեց մասնակցելու 22 Մարտին տեղի ունենալիք ընկերային հաւաքոյթին, որուն ընթացքին միութեան անդամներու պատրաստութեամբ պիտի մատուցուին Տիգրանակերտի աւանդական ճաշատեսակներ:

 

Դիւան՝

Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան