image
Հրատապ լուրեր:

Յունահայ երգչուհի Աթենա Մանուկեանը դէպի Եւրատեսիլ (Տեսանիւթ)

Յունահայ երգչուհի Աթենա Մանուկեանը դէպի Եւրատեսիլ (Տեսանիւթ)

Հայաստանը «Եւրատեսիլ 2020» երգի մրցոյթին պիտի ներկայացնէ յունահայ երգչուհի Աթենա Մանուկեանն իր Chains On You երգով: Այս մասին պարզ դարձաւ Հանրային հեռուստատեսութեան «Դէպի Եւրատեսիլ» նախագիծի եզրափակիչ փուլի ժամանակ:

Այս տարի հայաստանեան ազգային փուլին կը մասնակցէին 12 արուեստագէտ՝ յատուկ մրցոյթի համար գրուած երգերով, որոնք ներկայացուցին Առաջին ալիքի ուղիղ եթերին:

Յաղթող մասնակիցը որոշուեցաւ միջազգային ու հայաստանեան ժիւրիի եւ հեռուստադիտողի քուէարկութեան արդիւնքով՝ հաւաքելով 168 միաւոր:

«Եւրատեսիլ 2020» մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Ռոթերտամի մէջ: Առաջին երկու կիսաեզրափակիչները պիտի կայանան 12 եւ 14 մայիսին, իսկ եզրափակիչը՝ 16 մայիսին: Հայաստանի ներկայացուցիչը հանդէս պիտի գայ երկրորդ կիսաեզրափակիչին: