image

Ամման-Երեւան նոր համագործակցութիւն

Ամման-Երեւան նոր համագործակցութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յորդանանի Թագաւորութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու օրէնքի նախագիծը:

«Պայմանագիրը համահունչ է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օդանաւային ոլորտի որդեգրած քաղաքականութեանը, որն ուղղուած է հաւասար մրցակցային պայմաններ ստեղծելուն երկու երկրների միջեւ գործող օդանաւային ընկերութիւնների համար: Պայմանագրում ազատականացուած են օդանաւային ընկերութիւնների նշանակումը, նրանց կողմից առաջարկուող տարողութիւնը, սակագները, չուերթների յաճախականութիւնը, սպասարկուող ուղղութիւնները եւ այլ կոմերցիոն (առեւտրական-Խմբ.) դրոյթները: Ներառուած է նաեւ թռիչքային անվտանգութեան ապահովումը», ըսաւ Քաղաքացիական օդանաւային կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեան։ Ան նշեց, որ պայմանագիրին վաւերացումը կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ պատշաճ եւ ամբողջական կապերու կարգաւորման, որ հիմք կրնայ հանդիսանալ կանոնաւոր թռիչքներուն իրականացման:

Նշենք, որ նախագիծը քուէարկութեամբ ստացաւ 106 կողմ, 1 ձեռնպահ ձայներ: