image

Խաչիկ Մուրատեան Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Խաչիկ  Մուրատեան Պիտի Մասնակցի    Սուրիոյ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն

Հալէպահայ  Խաչիկ Մուրատեան (յայտնի  Ապու Կարօ անունով)  իր թեկնածուութիւնը դրած է յառաջիկայ  ապրիլին նախատեսուած ընտրութիւններուն: «Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Մուրատեան        (ծն.1962,    Հալէպ)     ճանաչում ունեցող գործարար է Հալէպի մէջ,  եւ ան ընտրութիւններուն  պիտի ներկայանայ  Բ.ն աղիւսակէն,  որպէս անկախ թեկնածու:  Մեր աղբիւրին համաձայն, անկախ  թեկնածու   Մուրատեանէն եւ  Ազգային Առաջնորդարանի    բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանէն  զատ կան  նաեւ այլ թեկնածուներ: