image

Չինաստան. ՀՀ 400 քաղաքացիներ արձագանգած են ԱԳՆ-ի կոչին

Չինաստան. ՀՀ 400 քաղաքացիներ արձագանգած են ԱԳՆ-ի կոչին

ՀՀ ԱԳՆ-ի եւ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ կապի մէջ մնալու կոչին արձագանգած են  Չինաստան գտնուող աւելի քան 400 ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

Յիշեցնենք՝ 27 յունուարին ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած էր՝ ՀՀ քաղաքացիները յորդորելով ժամանակաւորապէս խուսափել Չինաստան այցելելէ, իսկ արդէն Չինաստան գտնուող քաղաքացիներուն կոչ ընելով կապի մեջ ըլլալու Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ ԱԳՆ-ի հետ: