image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի Հայագիտական կեդրոնը վերաթարմացուած է

ԱՄՆ-ի Հայագիտական կեդրոնը վերաթարմացուած է

Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի հարեւանութեամբ գործող հայագիտութեան կեդրոնը՝ Հայագիտութեան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութիւնը, վերջերս նոր վերազինուած շէնք տեղափոխուած է: Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սարա Իկնեյշսի խօսքով, նոր ժամանակակից գրասենեակը նոր հնարաւորութիւններ կ'ընձեռէ գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու համար. Խոշոր գրադարան, արհեստագիտական սարքաւորումներով յագեցած աշխատասենեակներ, գիտաժողովներ կազմակերպելու համար նախատեսուած դահլիճներ: Այս մասին կը գրէ Ամերիկայի Ձայնը։

1950-ականներուն Պոսթընի մէջ հիմնադրուած Հայագիտութեան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան սկզբնական նպատակն էր նպաստել հայագիտութեան ամպիոններու ստեղծման Միացեալ Նահանգներու առաջատար գիտական կեդրոններուն մէջ: Այսպէս, կազմակերպութեան օգնութեամբ աւելի քան կէս դար առաջ հայագիտութեան ամպիոններ ստեղծուեցան Հարուըրտի եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ: Վերջին տարիներուն հայագիտութեան տարածման հետ միասին կը փոխուին նաեւ ընկերակցութեան առաջնահերթութիւնները։

«Մեր կազմակերպութիւնը միայն վերջին տարիներուն անհամեմատ աւելի մեծ դիմումներ կը ստանայ հայագիտութեան ոլորտի մէջ գիտական հետազօտութիւններ կատարելու համար. այստեղ կան գիտնականներ ոչ միայն ԱՄՆ-էն կամ Հայաստանէն, այլեւ Եւրոպայէն, Լատինական Ամերիկայէն, պատմաբաններ, որոնք կ'ուսումնասիրեն քաղաքակրթութեան վաղ ժամանակահատուածը, հնագէտներ, սակայն նաեւ գիտնականներ, որոնք կը հետազօտեն ժամանակակից հայագիտութեան խնդիրներ»,-ըսած է Սարա Իկնեյշսը։

Այսօր, Սարա Իկնեյշսի խօսքով, կարելի է քննարկել ընկերակցութիւնը միջազգային կառոյցի վերածելու հեռանկարը:

Ընկերակցութեան գիտական հետազօտութիւններու տնօրէն Մարք Մամիկոնեանի խօսքով հայագիտութիւնը վերջին տարիներուն կը դիտարկուի աւելի լայն ծիրէ ներս։

«Գիտնականներ, որոնք զբաղուած են օսմանեան, թրքական, ռուսական խնդիրներու ուսումնասիրութիւններով, որոնք կ'ուսումնասիրեն համայնքներու կամ ցեղասպանութիւններու ընդհանուր խնդիրները աւելի յաճախ սկսած են իրենց աշխատանքներուն մէջ ներառել հայագիտութիւնը»,-ըսած է Մարք Մամիկոնեանը։

Նուիրատւութիւններով կառուցուած Հայագիտութեան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան նոր գրասենեակին մէջ այժմ վերջին մանրուքները կը շտկեն, սակայն այստեղ արդէն իսկ կը ժամանեն թէ՛ գիտնականներ եւ թէ՛ պարզապէս հայագիտութեամբ հետաքրքրուած մարդիկ՝ իրենց համար նոր մանրամասներ բացայայտելու հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի մասին: