image
Հրատապ լուրեր:

Վերանորոգուած է Տիարպեքիրի հայ աւետարանական եկեղեցին

Վերանորոգուած է Տիարպեքիրի հայ աւետարանական եկեղեցին

Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպեքիրի մէջ 2015 թուականի թուրք–քրտական բախումներու հետեւանքով աւերուած հայկական բողոքական եկեղեցին բացուած է վերանորոգումէն ետք։

Թրքական CNNturk–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ հիմնադրամներու վարչութեան միջոցներով վերանորոգուած է 2015–ին աւերուած Հիւսրեւ փաշա մզկիթն ու հայկական բողոքական եկեղեցին:

Կը նշուի, որ աւերուած հոգեւոր կառոյցներու վերանորոգման համար արդէն ծախսուած է մօտ 70 միլիոն լիրա (12 միլիոն տոլար)։