image

Հեռու մնալ Չինաստան այցելելէ. ԱԳՆ-ի յորդորը

Հեռու մնալ Չինաստան այցելելէ. ԱԳՆ-ի  յորդորը

Կը յայտնենք, որ նոր տիպի «քորոնա» ժահրի վարակի հարցով ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ ոլորտի մասնագիտացուած մարմինները շարունակաբար կը հետեւին իրավիճակի զարգացման եւ այս կապակցութեամբ կապի մէջ են միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ այլ գործընկեր երկիրներու հետ: Կ'իրականացուի անհրաժեշտ տեղեկատւութեան փոխանակում:  Այս մասին կը յայտնեն

Ելլելով «Քորոնա» ժահրի վարակի  ներկայ իրավիճակէն՝ կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Չինաստան այցելութիւններէ, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ դէպքերու:

Նշենք, որ երէկ տարածուած ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Ուհան քաղաքին մէջ 3 ՀՀ քաղաքացիներ կան, սակայն վարակուածներու շրջանին ՀՀ քաղաքացիներու մասին տեղեկատւութիւն չկայ։