image

Արա Զոպայեան կարողացած է վերջին պահուն ուղղաթիռը հեռու պահել բնակելի թաղամասէ

Արա Զոպայեան կարողացած է վերջին  պահուն ուղղաթիռը հեռու պահել բնակելի  թաղամասէ

Հանրայայտ պասքեթպոլիստ, 41-ամեայ ամերիկացի Քոպի Պրայանթի ուղղաթիռի ամերիկահայ օդաչու Արա Զոպայեանը՝ կործանուելէ առաջ, վերջին պահուն կրցած է շեղել ուղղութիւնը Լոս Անճելըսի արուարձանի բնակելի թաղամասէն, կը հաղորդէ ամերիկեան WFAA հեռուստաալիքը։

Պերպանքի օդային տարածքին 26 յունուարի առաւօտեան եղած է թանձր մառախուղ, սակայն տեղանքի առանձնայատկութեան հետ կապուած ցամաքէն չեն կրցած  հետեւիլ թռիչքին եւ ուղղութիւն տալ։

600 մեթր բարձրութիւն հաւաքելէ ետք ուղղաթիռը սկսած է իյնալ եւ բախուած է մօտ 420 մեթր բարձրութեամբ լեռնային թեքութեան։ Այդ պահուն ուղղաթիռի արագութիւնը եղած է 300 քմ/ժամ, անկման ուղղահայեաց արագութիւնը՝ 20 մ/վայրկեան, կը հաղորդէ ESPN-ը։

Յիշեցնենք, որ Քոպի Պրայանթն ու անոր 13-ամեայ դուստր Ճիաննան զոհուած են ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով։ 

9 զոհերու շարքին են նաեւ Պրայանթի դստեր թիմակից Ալիսա Ալթոպելին ու անոր հայրն ու մայրը, պասքեթպոլային մարզիչ Քրիսթինա Մաուզերը, Սառա Չեսթըրն ու անոր դուստր Փեյթըն Չեսթըրը։