image

Մահացած է ազգային հասարակական գործիչ Մանուկ Գանտիլեանը

Մահացած է ազգային հասարակական գործիչ Մանուկ Գանտիլեանը

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային հասարակական գործիչ Մանուկ Գանտիլեանը (1941, Հալէպ):

«Արեւելք» համացանցէն իմացաւ այս բօթը եւ առ այդ կը ներկայացնենք հանգուցեալի եղբօրորդիին՝ Աբիկ Գանտիլեանի գրառումը՝ հանգուցեալի յիշատակին:

«Հալէպը ինքնին ծանր վիճակի մէջ է, իսկ երբ կը լսենք մահուան գուժեր բան մըն ալ աւելի կը ծանրանայ մեր վրայ վէրքերն ու ցաւերը:

Որքան որ օտար ափերու մէջ, հեռու հարազատներէն, դժուար է եւ դաժան՝ ապրիլը, բայց անոնց վիշտն ու ցաւը իմանալը բան մըն ալ աւելի կը ճնշէ մարդուս հոգիին վրայ, իսկ երբ յատկապէս, հարազատի մը մահուան գոյժը կը հասնի, այդ ալ համացանցի միջոցաւ, պատճառ կ'ըլլայ որ բիւրեղեայ ապակիի նման հոգիիդ մէջ բան մը փշրուի անվերադարձ կերպով:

Ջարդէն փրկուած Վաղարշակ Գանտիլեանի ընտանիքին, առաջին սերունդին կը պատկանէր, երրորդ մանչ զաւակն էր Մանուկը: Ճիշդ է՝ հօրեղբայրս էր, եւ ճիշդ է, որ կային հանգամանքներ, բայց հասուն տարիքին ընկերոջ նման կը խօսէինք:


Ամէն անգամ երբ զանգէի, կը զգայի իր ուրախութիւնը: Ինչ հեռացած եմ Հալէպէն, ամէն տարի՝ նահատակուած Քառասուն մանուկներու տօնին, անպայման կը զանգէի իրեն, սրտաբաց խօսելու եւ երկուքով կ’ուրախանայինք իրարու հետ կապի մէջ մտնելով: Այս տարի ոչ մէկ կերպով չի յաջողեցայ կապ պահել, հակառակ, որ լուր ձգած էի, որ երբ որ ելեկտրական հոսանք եւ ցանցի կապ ունենան, զանգեն. ափսոս որ չիրականացաւ այդ փափաքը եւ մնացինք անտեղեակ իրարմէ:

Անակնկալ կերպով համացանցէն իմացայ, թէ 25 յունուարի երեկոյեան, ժամ 10:30 ի շուրջ, իր հոգին աւանդած է, երթալու եւ միանալու զինք կանխող երկու երէց եղբայրներուն եւ իր հօր եւ մօր:

Նուիրական հայորդի էր, գաղափարի տէր եւ կամաւոր աշխատող: Զինք ճանչցողները կրնան վկայել իր բեղուն գործունէութիւնը ազգային կեանքէն ներս:

Աստուած հոգիդ լուսաւոր է, սիրելի հօրեղբայր, երկնքի արքայութեան արժանացնէ, ընտանիքիդ եւ բոլոր հարազատներուն հոգուով եւ սրտով մխիթարէ:
Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ, ուրիշ ցաւ չտեսնենք:

Հողը թեթեւ թող գայ, սիրելի հօրեղբայր:

Սգակիր՝ Աբրահամ Աբիկ Յովհաննէս Գանտիլեան

Գանատա

 26. Յունուար. 2020»: