image

Պէյրութի մէջ մահացած է Վասիլ Ղազարեանը

Պէյրութի  մէջ մահացած է Վասիլ  Ղազարեանը

Պէյրութի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է Վասիլ  Ղազարեանը։

Երկու   զաւակներու հայր    Վասիլ Ղազարեան աւագ  եղբայրն է   Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ   հոգեւոր  հովիւ  Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանին։

Պատուելին  այս   առթիւ  կարճ  գրառում մը  ներկայացուցած է  դիմատետրի իր էջին  մասնաւորապէս գրելով ՝

 

«Սիրելի եղբայրս,

Այսօր կու գամ վերջին խօսքերս քեզի ըսելու, շատ կանուխ հեռացար մեզմէ, երանի աւելի երկար վայելէի քու ներկայութիւնդ, բարի սիրտդ, ժպտուն դէմքդ եւ մեծ հոգիդ։

Յիշատակդ օրհնեալ ըլլայ, անթառամ մնայ։

Գիտեմ որ մեր Փրկիչը ողջ է»։

Այս  տխուր  առթիւ  «Արեւելք»    խորազգաց  ցաւակցութիւններ կը յայտնէ  թերթիս  բարեկամ`   Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանին։