image
Հրատապ լուրեր:

Ինչպիսին է վիճակը Չինաստանի ախտահարուած քաղաքին մէջ. Կը պատմէ ականատեսը

Ինչպիսին է վիճակը Չինաստանի ախտահարուած քաղաքին մէջ. Կը  պատմէ ականատեսը

2019-nCoV քորոնա ժահրի բռնկումը Ուհանն անճանաչելիօրէն փոխած է, որ Չինաստանի խոշոր քաղաքներէն մէկն է: Քաղաքի, ինչպէս եւ այլ քաղաքներու հետ հանրակառքային, երկաթուղային եւ օդահաղորդակցութիւնը հիմա ընդհատուած է, որ կանխուի ժահրի տարածումը: Մարդիկ կը վախնան փողոց դուրս գալ եւ ամէն տեղ բժշկական դիմակներ կը կրեն:

Ռուսաստանցի Սապինա Պոլիակովան, որ արդէն 8 ամիս կ'ապրի Ուհան, ria.ru-ին պատմած է, որ քաղաքին մէջ իրավիճակը կը վատթարանայ:

«Ես ինծի ֆիզիքապէս նորմալ կը զգամ, բայց տրամադրութիւնս ընկճուած է, որովհետեւ քաղաքը փակ է, եւ ես չեմ կրնար որեւէ տեղ երթալ հանգստանալու, հակառակ որ նախատեսած էի հարաւ ծով երթալ: Ընդհանրապէս փակ քաղաքի մէջ մեծ ճնշում, սթրես կը զգաս, մանաւանդ որ եղանակն ալ ամպամած է: Ճնշող վիճակ է»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ վերջերս եղած է Ուհանի Հուանան ծովամթերքի մեծածախ շուկան, որ կը համարուի վարակի տարածման աղբոիւրը: Վիրուսի յայտնաբերումէն ետք շուկան փակած են եւ ախտահանած: